2014-05-17 13:00:25

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում Երանելի Լուիճի Նովարեզիի հիմնած ընկերակցութիւններու անդամներուն հետ։


Շաբաթ, 17 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Մարք Ուելլէն, որմէ ետք ընդունեց Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ խումբ մը եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ժամը 12.15 անց, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ''Խաչի լռելեան սպասաւորներ'' ընկերակցութեան 5000 կամաւորներուն եւ անդամներուն։
Յայտնենք թէ Երանելի Լուիճի Նովարեզէ ծնած էր իտալիոյ Քազալէ Մոնֆերրաթօ քաղաքին մէջ 1914-ին ու իր մահկանացուն կնքած էր հռոմի Ռոքքաբրիորա շրջանին մէջ 1984-ին։Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը զայն որակած էր ''հիւանդներու առաքեալ''։

Խաչի լռելեան սպասաւորներու ընկերակցութան անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը վերյիշելով ընկերակցութեան հիմնադիր` Լուիճի Նովարեզիի ծննդեան 100 ամեակը ըսաւ` Երանելի Լուիճի Նովարեզին` եղած է Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ սիրահար քահանայ եւ հիւանդներուն եռանդուն առաքեալ։ Անոր տառապանքի անձնական փորձառութիւնը զինք դարցուց մարդկային ցաւին հանդէպ զգայուն ու ասոր համար հիմնեց երկու կարեւոր ընկերակցութիւններ որ այսօր կը շարունակեն անոր առաքելութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Երանութիւններէն մէկուն` ''Երանի սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք պիտի մխիթարուին'' ու նշեց Յիսուսի փորձարկած մարդկային տառապանքները մինչեւ խաչին վրայ մեռնիլը։
Յիսուս – ըսաւ Քահանայապետը – այս Երանութեամբ մեզի ցոյց կ՛ուզէ տալ ցաւն ու տառապանքը ապրելու շիտակ վերաբերմունքը։ Սխալ է ցաւը ապրիլ կրաւորական կերպով` - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ տառապանքը ապրիլ ընդունելով կեանքի իրողութիւնը, վստահութեամբ եւ յոյսով, տառապանքին մէջ զետեղելով Աստուծոյ եւ մերձաւորին սէրը, որովհետեւ սէրը ամէն ինչ կը կերպարանափոխէ։
Երանելի Լուիճի Նովարեզին ձեզի այս ուսուցումը թողուց` հիւանդներն ու անկարները դաստիարակել արժէքաւորելու իրենց տառապանքը որպէս առաքելութիւն, Ան կ՛ըսէր` ''հիւանդները իրենք զիրենք պէտք են զգալ իրենց առաքելութեան հղինակներ''։ Հիւանդ կամ անկար անձ մը կրնայ դառնալ ուրիշ տառապեալներուն համար նեցուկ եւ լոյս, իր ապրած շրջանակը բարեփոխելով։
Այս խարիզմով դուք Եկեղեցւոյ համար պարգեւ մըն էք։ Ձեր ցաւերը Յիսուսի վէրքերուն նման, մէկ կողմէն հաւատքի գայթակղութիւն են եւ միւս կողմէ հաւատքի հաւաստիութիւն են, նշան` թէ Աստուած Սէր է, հաւատարիմ է, ողորմած ու մխիթարիչ։
Ձեզ կը քաջալերեմ ըլլալու միշտ տառապողներուն մօտիկ որպէս Յարութեան վկաներ։ Այսպէսով կը հարստացնէք Եկեղեցին եւ կը համագործակցիք հովիւներու առաքելութեան, աղօթելով ու ձեր ցաւերը նուիրելով անոնց։
Սիրելի բարեկամներ – ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառին աւարտին – Տիրամայրը ձեզ օգնէ ըլլալու Խաչին իսկական սպասաւորները եւ տառապանքի իսկական կամաւորները, ապրելով առօրեայ խաչերը հաւատքով եւ սիրով, Քրիստոսի հետ միասին։
Ձեզ կ՛օրհնեմ բոլորդ ու կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար – եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.